2014-06-24 10:43:34

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այցելութիւնը ''Ճեմելլի'' բազմաբուժարանին` հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առթիւ։


Ուրբաթ, 27 յունիս 2014-ին, Յիսուսի Ամենասուրբ սրտին տօնին օրը, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այցելութիւն կը կատարէ կաթողիկէ համալսարանի ''Ճեմելլի'' հիւանդանոցի բժշկական մասնաճիւղին, անոր հիմնադրութեան 50-րդ տարեդարձին առթիւ։ Յայտնենք թէ Ֆրանչիկոս Պապը կը հանդիսանայ 5-րդ Քահանայապետը որ այցելութիւն կը կատարէ բազմաբուժարանին որուն պաշտպանութիւնը յանձնուած է Յիսուսի Ամենասուրբ սրտին։
Ֆրանչիսկոս Պապը` ''Ճեմելլի'' բազմաբուժարան կը ժամանէ 15.30-ին, ուր հիւանդներուն հետ հանդիպելէ ետք, բազմաբուժարանի` Յոսուսի Սուրբ Սիրտ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում կ՛ունենայ համալասարանի հասարակութեան հետ, որուն ընթացքին ''ճեմելլի'' հիւանդանոցին կը նուիրէ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի մասունքները։ Ան ապա բժշկական մասնաճիւղի մէկ հրապարակի տարածքին վրայ կը մատուցէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն աւարտին տեղի կ՛ունենան ողջոյնի պաշտօնական ճառերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.